Պատահական Ռումբի Բեկորի Մը Պատճառով Նիւթական Թեթեւ Վնասներ` Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին»
Հալէպի հին քաղաքի տարածքին` Ճտէյտէ թաղամասին մէջ, հայկական պատմական շինութիւններէն
մէկը վնասուած է. կը յայտնէ հալէպահայերու Facebook-ի խումբը` յղում կատարելով տեղական
հեռուստալուրերու թողարկման: Արդարեւ՝ ուրբաթ օրը կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հաստատած
է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան, պատահական ռումբի կտոր
մը հարուածած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի շէնքը եւ պատճառած է նիւթական թեթեւ
վնասներ, ինչպէս նաեւ` ապակիներու փշրուիլ։ Արտաաշխատանքային ժամեր ըլլալուն շնորհիւ՝
ոչ մէկ մարդկային վնաս հասած է։